Ես Եմ Մեղաւոր
Փոխանակ հատիկ հատիկ իմ հարցերը լուծելու Ծուլութեամբս թողեցի որ այդ փոքր հարցերը կուտակուին Դառնալն անյաղթահարելի ապառաժ, անմագլցելի լեր Ես եմ մեղաւոր . . . Փոխանակ իմ արդար աշխատանքով ապրուստս վաստկելու Ջանացի խաբելով ու սուտ խոստումներով շուտ հարստանալ Նկատի չառնելով թէ ոորու կը խաբեմ դրացի, հարեւան, հայրենակից Այսպաիսով դարձայ բոլորին անվստահելի, սուտասան, աւազակ: Ես եմ մեղաւոր . . . Հարստանալու համար շատ տարբեր աշխատանքներ ստանձնեցի Իմ ջանասիրութիւնս վաշխարուներու տրամադրեցի Բարձրագոյն վճարումները ստանալու համար...
