Եթէ բառերով փորձեմ սրտիս ու հոգւույս զգացումները արտայայտել քեզի,

Անիմաստ ու անհասկնալի բացատրութիւններու շարադրանք մը պիտի լսուի:

Եթէ յուսամ որ աչքերուս խօսածը լսես՝ կամ նայուացքներէս ինչ որ բան հասկնաս

Յաւիտենական սպասումը՝ վատնուած վարկեաններու կուտակումով պիտի կորսուի:

Ներէ ինծի որ այս ճշմարտութիւնը չեմ կարող խօստուանիլ ոերեւէ մէկի

և այսպէս ես իմ կեանքը կը շարունակեմ միայն խաբելով ես ինծի:

Կը շարունակեմ աշխատիլ, ջանալով օգտակար դառնալ ըստ կարիքի

Մաքրամաքուր բարոյականութեամբ նժարը պահել բարութեան կողմին

Միայն ես գիտեմ որ իմ իւրաքանչիւր օրս քեզմով կը սկսի

Իմ իւրաքանչիւր երեկոն քեզմով կը մթննայ և կանցնի խոր քունի:

2018/10/31

Գէորգ Գալայճեան