Ահաւասիկ էջերու տրցակ մը եւս
Որ տակաւին չէ գործածուած
Փոռձարութիւններ, ապրումներ
Տակաւին չեն արձանագրուած
Ինծի և քեզի պէս . . . զգացուած
Սէրեր որ անծնունդ են մնացած
Հրաբխային սրտերու մէջ սանձուած
Անթափանց բարութեամբ ծածկուած
Ես այս տետրակները ու՞ր պահեմ
Որ յանկարծ չգրուած բառերը չերեւին
Չ՛արձանագրուած միտքերը իյայտ չգան
Չ՛արտասանուած խօստումները յիրաւի
Չ՛իրականանան . . .
Գէորգ Գալայճեան