Որքան ալ հրեշտակային ըլլան իմ սիրոյ երազանգները Ծիածաններէ գունազարդ ըլլան իմ զգացումներու երանգները Նորածին ծիածանի շողերով փայլին և ջերմացնեն իմ սիրոյ խոսքերը Մայրամուտի մելամաղցոտ ամչկոտութեամբ կարմրին իմ այտերը Տակաւին ես չեմ արտօներ որ լեզուս արտայայտէ այդ զգացումները:
Ես իրաւունք չունիմ խանագարելու տիեզերքի հաւասակշռութիւնը Ես ո՞վ եմ որ քարուքանդ դարձնեմ կարուցուած հաւատքները, Ի՞՜նչ անձնակործան մեղանչանքներով նոր ծրագիրներ մշակեմ Մոլորակներու և անհատներու կեանքը խանգարեմ Իմ սէրը կը մնայ համբերող, ներող, հասկացող, օգնող, սպասող:
Ամէնէ-մաքուր առուակի զուլալ ջուրերուն նման, Ամէնէ-սպիտակ ձիւնի բամբակէ փաթիլներուն նման Ամէնէ-անսահման անապատի աւազի հատիկներուն նման Ամէնէ-անձնուրաց հաւատացեալի հաւատքին նման . . .
12/31/2019
Գէորգ Գալայճեան
–
Kevork K. Kalayjian, Jr. A graduate of the AGBU’s Melkonian
Educational Institute, Nicosia, Cyprus, holds a B.A. in Political
Science and Economics from Fairleigh Dickinson University, Rutherford,
NJ, a M. Ed. Counseling Psychology, from WilliamPaterson University,
Wayne, NJ, and CPA requirements completed at Pace University, NYC.
Kevork resides in NY and likes to paint and write. Some of his poems
have been published in literary periodicals such as “Ararat” and at