Փոխանակ հատիկ հատիկ իմ հարցերը լուծելու
Ծուլութեամբս թողեցի որ այդ փոքր հարցերը կուտակուին
Դառնալն անյաղթահարելի ապառաժ, անմագլցելի լեր
Ես եմ մեղաւոր . . .
Փոխանակ իմ արդար աշխատանքով ապրուստս վաստկելու
Ջանացի խաբելով ու սուտ խոստումներով շուտ հարստանալ
Նկատի չառնելով թէ ոորու կը խաբեմ դրացի, հարեւան, հայրենակից
Այսպաիսով դարձայ բոլորին անվստահելի, սուտասան, աւազակ:
Ես եմ մեղաւոր . . .
Հարստանալու համար շատ տարբեր աշխատանքներ ստանձնեցի
Իմ ջանասիրութիւնս վաշխարուներու տրամադրեցի
Բարձրագոյն վճարումները ստանալու համար
Վստակս վատնուեցաւ վավաշոտ վայելքներու վրայ
Անպաշտպան թողելով իմ տունը, իմ երկիրը, իմ հայրենիքը
Ես եմ մեղաւոր . . .
Ստեղծագործ միտքս մարդասիրական նպատակներու յատկացուցի
Տարբեր ժողովուրդներու ազատագրական պայքարին անդամգրուած
տարբեր երկիրներու զարգացման աշխատանքին մասնակցեցայ
Իմ բոլոր կարողութիւններովս ուրիշներուն օգնել փորձեցի
Բոլոր երկիրները զարգացան, յառաջացան, հարստացան
Իմ երկիրը դարձաւ արտագաղթողներու առժամյայ ապաստարան:
Ես եմ մեղաւոր . . .
Նոր ռազմական սարքեր հնարեցի, նոր պատերազմական իրեր
ուժեղ պետութիւնները աւելի ուժեղացնելով անոնց վաճառեցի
թողնելով իմ երկիրը տկար, անպաշտպան, անգործածական սարքերով
և յետոյ, զարմացայ, ցաւեցայ, յուզուեցայ և լացի
թէ ինչպէ՞ս իմ երկիրը բանակը ջախջախուեցաւ թշնամիներու կողմէ
Ես եմ մեղաւոր . . .
Իմ ռազմավարական գիտելիքներով մեծ պետութիւններու բանակներ
Նորանոր յաղթանակներու առաջնորդեցի, անգերազանցելի նուաճումներով
Հողամասեր, տրածգներ, քաղաքներ, շրջաններ ազատագրեցի
Մինչ իմ հայրենիքը կորսնցուց տարածքներ մնաց կծկուած 1/100-րդի մէջ
Ես եմ մեղաւոր . . .
Ոչ ոք չի կրնար ներել այս դավաճանին:
Ապրիլ 25, 2025 Սրբագրուած Մայիս 5, 2025
Kevork K. Kalayjian
